|
1-ին Եթեր - ուրբաթ, 23 մարտ 2012 | ֆորմատ 16:9 | 1.Այսօր Սկիզբ Առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մեսսիքօ եւ Գուպա Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութիւնը։ 2.Պենետիկտոս ԺԶ . Սրբազան Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Շէնուտա Գ Պապին Մահուան առթիւ։ 3. Դատ Կը Բացուի Հակահայ Ցոյցին Մասնակցած Նախարարը Քննադատող Թուրք Լրագրող Ռոնի Մարկուլիսի Դէմ։ 4. Հրանդ Տինքի Մարդասպանը Հերոսացուցած Ոստիկանի Պաշտօնը Բարձրացած (Թուրքիա) ։ 5. Կայացաւ «Հայակ» Ազգային Շարժանկարի Առաջին Մրցանակաբաշխութիւնը 6. Մալաթիոյ Եկեղեցին Կը Վերանորոգուի: 7. Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Նորվեկիացի Միսիոնարի Մը Գտնուած Օրագիրը Պիտի Թարգմանուի Հայերէնի։ 8.Տիեարպեքիրի Մէջ Հայերէնի Դասընթացք։ 9.Հայ-Ամերիկեան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու 20 ամեակին Նուիրուած «Հոլիուտ Նոն Սթոփ» Համերգներու Շարքը։ 10. Հանդիպում՝ Ֆրանսահայ Պատուիրակներու եւ Ֆրանսուա Օլլանտի Միջեւ։
Ծիսական Օրացոյց
Քառասնորդացի Հինգերորդ Կիրակի Օրուան Աւետարանը կը յիշէ Անիրաւ դատաւորի Առակը։ 19 Մարտին Տօն՝ Ս Յովսէփ աստուածահօր 24 Մարտ Ս Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապին մէջ մուտքին տօնն է ։ Կիրակի 25 Մարտին` հայ կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Աստուածածնայ աւետումը` Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ։
Լուրեր Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութենէն։
11.Հաղորդագրութիւն՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին։ 12.Սարկաւագի Ձեռնադրութիւն Պրազիլի Մէջ։ 13.Սուրիա։ Դամասկոսի Մէջ Մայրերու Օրուան առթիւ հանդիպում։ 14.Հռոմ-Գերապատիւ Հայր Թովմաս Վրդ. Կարապետեան Պիտի Պաշտպանէ Տոքթորայի իր Աւարտաճառը։ 15.Լիբանան։ Եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներ ծառայած Սարկաւագ՝ Ժոզէֆ Ժամկոչեան մեծարուած իր անուան տօնին առթիւ։ 16.Միացեալ Նահանգներ։ Կլենտէյլի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 11րդ տարեդարձին առիթով, Մարտ 25ին ՝ տեղի պիտի ունենայ յատուկ պատարագ մը, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ մուտքին գտնուող խորաններու օրհնութիւնը:
|
|
|