Վերջին Լուրեր [ News ]
Վերջին Լուրեր
Հայրապետական Պատգամ Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առթիւ
Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2013
published Tuesday, 23 April 2013 at 10:40 by Tigran Avalyan

Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2013 - Հայրապետական Պատգամ Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առթիւՅոյժ սիրելի ցաւակից եղբայրներ եւ քոյրերԱպրիլեան նահատակաց յիշատակակիր հայորդիներ1915: Ցաւալի թուական մը, որ վերածուեցաւ պանծալի ոգեկոչումի մը:98 տարիներ ետք, կարծէք անցեալ տարի էր, որովհետեւ մեր մտքին ու սրտին մէջ թարմ մնաց մեր Ազգը բնաջնջելու Օսմանեան կոյր քաղաքականութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:Հայերուս համար, այս սգատօնը փառատօն դարձաւ:Հայերուս համար ըսի, որովհետեւ մեր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ 1712 տարի առաջ, մեր նախնիք թօթափելով կուռքերու կրօնքները յարեցան Ս. Աւետարանին եւ որդեգրեցին քրիստոնեայ հաւատքը, շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեան: Այն օրէն ի վեր, Հայոց պատմութիւնը դարձաւ քրիստոնեայ հաւատքի դիւցազներգութիւն մը, որ դարէ դար իր կնիքը դրոշմեց մեր պատմութեան էջերուն վրայ, սկսելով Ս. Գրիգորէն, որ Հայոց Լուսաւորիչ յորջորջուեցաւ, որովհետեւ հայազգի զաւակները լուսաւորեց Ս. Աւետարանի աստուածային խօսքերով, անցնելով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն, որ Գիրերու Գիւտով մեզի շնորհեց Ս. Գիրքը հայերէն տառերով: Եւ ամէն տարի մինչեւ օրս, մեզի համար յիշատակելի օր է նաեւ Վարդանանց Զօրավարաց ճակատանարտը, որ, տալով 1036 զոհեր, վերջնական կերպով արմատացուց քրիստոնեայ կրօնը Հայ Ազգի զաւակներուն սրտին մէջ:Մեր երկրորդ ոսկեայ շրջանը ապրեցանք 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն, շնորհիւ մեծ աստուածաբաններու՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի, Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի եւ այլ եկեղեցական գիտնականներու, որոնք յաղթահարեցին հերետիկոսներու ու հերձուածողներու սխալ վարդապետութիւնները եւ իրենց գրիչով ու խօսքով պաշտպանեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին քարոզած ջինջ հաւատքը:Ուրիշ նշանաւոր դէմքեր եւս լուսաւորեցին մեր պատմութիւնը 18-րդ դարուն, նման Մելքոն Եպիսկոպոս Թազպազեանի, Մխիթար Աբբահօր եւ Աբրահամ Արծիւեանի, որոնք աշխատեցան մեր հաւատքի գոյատեւման եւ զարգացման համար քարոզութիւններ կատարելով, եւ այս նպատակաւ, կրօնաւորական միաբանութիւններ հիմնեցին եւ հոգեւոր գիրքեր հրապարակեցին:Բայց ամենամեծ հաւատքի գոյապայքարը տեղի ունեցաւ 1915ին, երբ Օսմանեան բիրտ պետութիւնը ուզեց բնաջնջել հայ ազգը, հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, մէկուկէս միլիոն մարդ եւ կին չարչարանալից կերպով սպաննելով:Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան այցելեց, Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ եւ արար աշխարհին առջեւ Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը հռչակեց նահատակ եւ երանելի: Արդարեւ, մեր ապրիլեան մէկուկէս միլիոն նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին ոչ միայն Ազգին, այլ նաե՛ւ Յիսուսին եւ Ս. Աւետարանին հաւատարիմ մնալու համար: Անոնք իրենց վկայութիւնը կնքեցին իրենց արիւնով: Արդ, արեան վկայութիւնը գերագոյն վկայութիւնն է, զոր կը կոչենք մարտիրոսութիւն: Ոմանք աւելի չարչարուեցան, ոմանք նուազ, բայց Աստուծոյ մօտ վկայութեան ամենափոքր մանրամասնութիւնն անգամ իր կարեւորութիւնը ունի: Ուստի, մեր բոլոր զոհ գացած հարազատները մեծ կարեւորութիւն ունեցան Աստուծոյ առջեւ:Ս. Պօղոս առաքեալը այսպէս կը նկարագրէ առաքեալներուն նեղութիւնները. «Ճնշուած ենք ամէն կողմէ, բայց ո՛չ ընկճուած: Գիտենք միշտ յուսալ եւ երբեք չյուսահատիլ: Հալածուած ենք, բայց ո՛չ լքուած, չարչարուած, բայց ոչ մեռած: Կը կրենք ամենուրեք եւ միշտ մեր մարմիններուն մէջ Յիսուսի մահուան չարչարանքները, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնուի մեր մարմիններուն մէջ» (Բ. Կորն. 4, 8-10): Ըսէք ինծի յոյժ սիրելիներ, վերոնշեալ խօսքերը կարելի չէ՞ վերագրել արդեօք մեր հայրերուն ու մայրերուն, մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք թէ՛ ճնշուեցան, թէ՛ հալածուեցան, չարչարուեցան ու մեռան, բայց նաեւ՝ անոնք միշտ հաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին եւ քրիստոնէական հոգիով յուսացին Յիսուսի յարութեան եւ փառքին: Հայ ազգը չբնաջնջուեցաւ. վկա՛յ՝ մեր ներկայութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերը, ուր ծաղկուն գաղութներ ունինք եւ բարգաւաճ թեմեր հաստատած ենք:Չըլլա՛յ թէ, չըլլա՛յ թէ եղբայրներ, որ այսօրուայ թիւր ու սխալ գաղափարախօսութիւնները մոլորեցնեն մեր հայորդիները եւ կամ զանոնք հեռացնեն Ս. Գրիգորի քարոզած հաւատքէն, եւ այսպէսով իրականացնեն այն ինչ որ Օսմանեան բնաջնջումի ծրագիրը չյաջողեցաւ իրագործել: Յոյժ սիրելիներ մեր գոյատեւումը եւ մեր փրկութիւնը կը հիմնուին միայն ու միայն մեր քրիստոնեայ հաւատքին վրայ, որուն համար մէկուկէս միլիոն քաջարի եւ հաւատացեալ մեր ծնողները իրենց կեանքը զոհեցին 1915-ին:Սիրելիներ, այս Հաւատքի Տարուան առիթով, յատուկէն աղօթե՛նք հաւատքի տագնապի մէջ գտնուող մեր հայազգի զաւակներուն համար: Մեզի կ'իյնայ անոնց փոխանցել մէկուկէս միլիոն նահատակներու կողմէ մեր ժառանգած հաւատքի փորձառութիւնը եւ քաջութիւնը ունենանք նաեւ անոնց աւետելու Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը, որուն հրաշափառ տօնը կատարեցինք 3 շաբաթ առաջ, եւ անոնց ցոյց տանք, մեր ապրած կեանքով, որ Յիսուս իրապէս Յարութիւն առաւ եւ այս սոյն Յարութիւնը կը շնորհէ բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատարիմ կը մնան Իրեն եւ Իր Ս. Աւետարանին, ինչպէս հիանալի կերպով փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ՝ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը եւ մէկուկէս միլիոն հայորդիները:Սիրելիներ, կրկնե՛նք համոզումով մեր հաւատքի բնաբանը՝Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոցՕրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկէ Հայոց
՜՜Telepace Armenia՝՝ Խաղաղութեան Ձայնի՝ Հայկական Հեռուստաժամը Մրցանակակիր։
12 Հոկտեմբէր, 2012
published Friday, 12 October 2012 at 21:09 by Administrator

Երեւան։ Նախաձեռնութեամբ՝ Հ Հ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանին, 4-6 Հոկտեմբեր, տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդին համար համահայկական մրցանակաբաշխութիւն. եւ ի շարս այլ լրատուամիջոցներու ՜՜Խաղաղութեան Ձայնի՝ Հայկական Հեռուստաժամը՝՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր միջազգային ճանաչման, հատուցման իրաւունքի, հայկական պահանջատիրութեան ու նաեւ հայապահպանման ի խնդիր իր առաքելութեան համար արժանացաւ մրցանակի ու պատուոյ գիրին։
Արդարեւ Սփիւռքի մէջ նոր սերունդը դիւրաւ կ՝ենթարկուի ձուլումի, ասոր համար կարեւոր է անոնց տալ հայեցի դաստիարակութիւն ու անոնց սրտին ու հոգիին մէջ յարատեւ սերմանել ու արմատացնել հայկական զգացումը ու Մայրենին պահպանելու հրամայականը։
Աւելցնենք որ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ՜՜Ախթամար- ելեկտրոնային երկլեզու պարբերաթերթը' Akhtamar on line-ը եւս արժանացաւ Պատուոյ Գիրի։
Շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ Սփիւռքի տարածքին եւ Իտալիոյ մէջ գործող՝ հայկական լրատուամիջոցներուն։
Կարեւոր Ազդ մեր հայրենակիցներուն
Հռոմ 07 հոկտեմբեր 2012
published Monday, 08 October 2012 at 14:14 by Tigran Avalyan

Յարգելի Բարեկամներ ՜՜Խաղաղութեան ձայն՜՜ Թելեփաչէ Արմէնիայի սեռուստակայանի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ որ հաղորդումներու ժամերը փոփոխութեան ենթարկուեցան եւ արդ 2012- Հոկտեմբերէն սկսեալ մեր պատկերասփռումները կը կատարուին հետեւեալ օրակարգով։Եւրոպայ եւ Միջին ԱրեւելքԵրկուշաբթի 18:00 - Ուրբաթ 14.30 - Շաբաթ 18.30 - Կիրակի 15.10Միացեալ Նահանգներ եւ ԱվստրալիայԵրեքշաբթի 05.30 - Չորեքշաբթի 04.30 - Ուրբաթ 04.30 - Շաբաթ 03.30 - Կիրակի06.00«Խաղաղութեան Ձայն» հաղորդաժամը կը պատկերասփռուի շաբաթը 9 անգամ 30 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող պատկերասփռումներով, որոնցմէ 4-ը Եւրոպայի համար, մինչ մնացած 5-ը (կրկնումներ) Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ համար։
Տիկ. Սոնա Նիւրբեթլեանի Ելոյթը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ Լրագրողներու Համահայկական Զ. Համաժողովին
Հռոմ 05 հոկտեմբեր 2012
published Thursday, 04 October 2012 at 16:35 by Administrator

``Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը և հայապահպանման պարտականութիւնը``
Յարգելի ներկաներ .սիրելի բարեկամներ
Նախ խորին շնորհակալութիւն տիկին Հրանուշ Յակոբեանին` Հ Հ Սփիւռքի Նախարարուհիին` այս նախաձեռնութեան համար որ է (համախմբել Հայաստանի և Սփիւռքի լրագրողները հայրենիքի մէջ), շնորհակալութիւն նաև համագումարը կազմակերպող յանձնախումբին:
Այս օրերուն հայազգի լրագրողները զեկուցեցին մեզ բոլորս յուզող հարցերուն մասին, որոնելով նոյն հարցերը, հետապնդելով նոյն նպատակը. ”Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարւոյն ընդառաջ մեր նահատակներուն հանդէպ` մեր պարտականութիւնը, որպէսզի անոնք յաւիտենական հանգիստ գտնեն …
Մեր նահատակներուն արիւնը ի զուր չթափեցաւ:
Մեծ Եղեռնի հեղինակներն ու գործադրողները արդեօք կրնայի՞ն մտածել որ օր մը հայերէն խօսող ու գրողներ միասին պիտի համախմբուէին ինչպէս մենք այսօր կ`ընենք …և թէ Հայաստանի և Սփիւռքի տարածքին հայեր գոյութիւն պիտի ունենային…
Օսմանեան պետութիւնը 1.5 միլիոն հայեր սպաննելու ծրագիրը ի գործ դնելով կ` ուզէր բնաջնջել հայ ազգը, --բոլոր հայերը-- սակայն այսօր հայերը ոչ միայն գոյութիւն ունին, այլև տարածուած` աշխարհի բոլոր կողմերը, ունին նաև ազատ անկախ Հայրենիք մը `` ազատ անկախ Հայաստանը, որուն բարգաւաճման համար ոչ մէկ բան կը խնայեն. Արդարև աշխարհասփիւռ հայերը ``հայ գաղութները`` ունին իրենց սեփական եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբներն ու մամուլը:
/// երէկ մեզմէ խնդրուեցաւ որ զեկոյցները կարճ ըլլան//
Արդ ես այսօր միայն կարգ մը տեղեկութիւններ պիտի տամ ``Իտալիոյ` Հռոմի հայ մամուլին ու անոր առաքելութեան մասին:
Ունինք
-Վատիկանի Ձայնասփիւռի` հայկական ռատիոժամը
Թելեբաչէի` Խաղաղութեան Ձայնի հայերէն հաղորդաժամը հուսկ`
``Ախթամար`` օն-լայնը // akhtamar online//:
Կարելի է մանրամասնութիւններ գտնել համացանցի միջոցով այցելելով կայքէջերը.
www.vaticanradio.va
www.telepacearmenia.it
www.akhtamar online- ը. (Prօpaganda չէ ըրածս սակայն լաւ է ծանօթանալ անոնց): Արդէն մեր այս համագումարին նպատակն է նաև սերտացնել կապերը Հայաստանի և Սփիւռքի ԶԼՄ ներու միջև…
-Հռոմի հայ մամուլի առաքելութիւնն է` նախ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը դարձնել մեր պատմութեան, մշակոյթին ու լեզուին վրայ: Ու ճանչցնել Հայաստանը …
-Տեղեկութիւններ տալ իտալացիներուն Եղեռնի մասին, քանի որ Եղեռնը գործողներն իրենց կարգին իրենց տեսակէտը կը պարզեն անշուշտ կ`ուզեն պաշտպանել իրենց դատը:
-Թարգամանը հանդիսանալ հայոց արդար պահանջքին անարդարութիւններու դէմ, ու գործել հայապահպանման ի խնդիր` ամէն ջանք թափել մեր մայրենին` հայերէնը ողջ պահելու սփիւռքի մէջ:
Լաւ է սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն գիտնալ տեղւոյն լեզուն, սակայն պէտք է միշտ աւելի քաջալերել հայատառ մամուլը, հայերէն խօսող լրատվամիջոցները:
Դառնամ Հռոմահայ մամուլին
1- -Վատիկանի Ձայնասփիւռի` հայկական ռատիոժամը
Վատիկանի ձայնասփիւռը հիմնուած է 81 տարի առաջ -12 փետր. 1931-ին: Իսկ հայկական բաժինը 29 մայիս 1966-ին -46 տարեկան է:
Ռատիովատիկանի 45 լեզուներով ձայնասփռուող յայտագրերու շարքին, կայ նաև հայերէն ամէնօրեայ հաղորդումներ որոնք կը բովանդակեն
–Լուրեր Տիեզերական ու հայ եկեղեցւոյ մասին
-Ազգային , միջազգային ու գաղութներու լուրեր (ձեռնարկներ, տօներ և արարողութիւններ և կարեւոր դէպքեր):
-Կրօնաբարոյական նիւթեր… Ս. Պատարագ //մեծապէս օգտակար էր և հոգևոր սնունդ կու տար Հայերուն Խորհրդային Միութեան օրերուն… (դարձեալ ըսեմ Prօpaganda չէ ըրածս )
Մի քանի տարի է որ Ռատիովատիկանի հաղորդումներուն կարելի է հետեւիլ համացանցի միջոցաւ (web-ի վրայ) այցելելով www.vaticanradio.va ընտրել և չխկել հայերէնի վրայ ու կարդալ լուրերը:
2-՜՜TELEPACE – հեռուստատեսիլը ( 1979-էն ի վեր) Իտալական եկեղեցւոյ ձայնն է, կը հեռասփռուի արբանեակի միջոցաւ և շնորհիւ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Մինասեանի` Հայաստանի և Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդին, 2005-ին, ծնունդ առաւ ՜՜Թէլէփաչէ Արմենիան՝՝ անոր նպատակն է ըլլալ միութեան և խաղաղութեան ձայնը հայ եկեղեցւոյ ու հայերու միջեւ։ 2010-ին ալ վայելելով` Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հովանաւորութիւնը կը դասուի հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընկերային հաղորդամիջոցներու շարքին... պատկերասփռումնրը շաբաթը 9 անգամ 30 վայրկեան տեւողութեամբ: Անոնց 4-ը Եւրոպայի համար է իսկ մնացած 5-ը` կրկնումներ են ԱՄՆի եւ Աւստրալիոյ համար։ www.telepacearmenia.it
3-Ախթամար թերթը եւ Ախթամարի ելեկտրոնային պարբերակը ... www.akhtamar online- ը.
Աւելի քան 10 տարի առաջ` Հռոմահայ երիտասարդները (համալսարանականներ) հիմնեցին ``Ախթամար երկլեզու պարբերաթերթը``հայերէն և իտալերէն , ապա Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ջանքերով դարձաւ ``ելեկտրոնային երկշաբաթաթերթ``: Ունի նոյն նպատակակէտերը…անոր կը հետեւին և կը կարդան նաև մեծաթիւ իտալացիները ...
Կ`եզրափակեմ.
Մամուլը մեծ դեր ունի ”Հայոց Ցեղասպանութեան ու Հայ Դատին ի խնդիր, 100-րդ տարւոյն ընդառաջ, նաև կարեւոր է Հայապահպանման համար…որպէսզի չհասնինք այսպէս կոչուած ((ճերմակ ջարդին))։
Որպէս հայ լրագրողներ` Գործենք հաւատարմօրէն, չմեկուսանանք ու գործակցինք:
Որպէս հայ` Չխնայենք գրիչը, խօսքն ու վրձինը ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ կապուած պահելու իր հայ ինքնութեան, պատրաստենք գիտակից հայեր, գիտակից նոր սերունդ մը և ոչ թէ ``տաք գլուխ`` հայեր…
Շնորհակալութիւն բոլորիդ:
Հաղորդագրութիւն: Դիւան Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի
Հռոմ 04 հոկտեմբեր 2012
published Thursday, 04 October 2012 at 16:34 by Administrator

Հինգշաբթի, 4 hոկտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի համաշխարհային կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որուն խորագիրն է՝ «Նոր Աւետարանացումը քրիստոնեայ հաւատքի փոխանցման համար», եւ որ տեղի պիտի ունենայ 7 հոկտեմբերէն մինչեւ 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանի մէջ։ Այս ընդհանուր սիւնհոդոսին հրաւիրուած են քահանայապետական բոլոր ժողովներուն ու խորհուրդներուն նախագահները, կաթողիկէ արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքները, ինչպէս նաեւ աշխարհատարած կաթողիկէ Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներէն ներկայացուցիչներ։ Հրաւիրուած են նաեւ ներկայ ըլլալու ոչ կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը։ Այս ժողովին նպատակն է՝ Նոր Աւետարանացման գործը յայտնաբերել ոչ միայն ոչ քրիստոնեաներուն համար, այլ նաեւ հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն համար, ինչպէս հայ ազգի զաւակները, եւրոպացիները եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որպէսզի վերանորոգեն իրենց հաւատքը, որովհետեւ անաստուածութիւնը շատ յառաջ գացած է ամէն կողմ։ Ժողովը պիտի անդրադառնայ այն նոր միջոցներուն մասին, որոնք պիտի խրախուսեն քրիստոնեաները, որպէսզի ապրին իրենց հաւատքը, եւ հասկնան թէ Աստուած գոյութիւն ունի ամէնուրեք եւ ամէն ինչ կ՚ընէ մարդոց բարիքին համար։ Այս գաղափարները պիտի փոխանցուին նոր սերունդին եւ չափահասներուն, որպէսզի հաւատան սուրբ Աւետարանին, խօսքէն աւելի իրենց ապրելակերպով եւ համոզեն մարդիկ ձերբազատուելու համար աշխարհիկ քարոզչութիւններէն, որոնք կը լեցնեն իրենց առօրեան շահագործութեան եւ տիրապետութեան գաղափարներով։Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ին հետ, որ անցեալ սեպտեմբեր 15-ին պատմական այցելութիւն մը տուաւ Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռ եւ այս առիթով օրհնեց առաջին հայ տպագիր՝ Յակոբ Մեղապարտին յուշարձանը։Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պիտի հանդիպի նաեւ զանազան կարդինալներու եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական հրաւիրեալ եկեղեցականներուն հետ, որոնք պիտի մասնակցին սիւնհոդոսական նստաշրջաններուն։Ամենապատիւ Հայրապետին կեցութիւնը պիտի ըլլայ Հռոմի Ք. Լեւոնեան հայ վարժարան, եւ իրեն կ՚ընկերանայ որպէս գաւազանակիր՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ 30 հոկտեմբերին։
ԴիւանՀայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի
Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան մասին արժեւորման հանդիպում
Պէյրութ 1 հոկտեմբեր 2012
published Thursday, 04 October 2012 at 16:33 by Administrator

Երկուշաբթի 1 հոկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիպեցաւ հայ կաթողիկէ միաւորներուն հետ, որոնք մասնակցեցան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան տարբեր հանգրուաններուն ու զանազան միջոցառումներուն: Բացման խօսքին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց ներկաները եւ խօսեցաւ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան տարբեր նշանակութիւններուն մասին:
Ապա բոլոր ներկաները արտայայտուեցան իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին որ ապրեցան այս պատմական այցելութեան ընթացքին, յատկապէս որ այս պատմական այցելութիւնը քրիստոնեայ անհատին յոյս եւ ուժ շնորհեց դիմադրելու դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն եւ ամրապնդելու համար իր հաւատքն ու քրիստոնեայ ինքնութիւնը երկրին մէջ:
Խօսքերէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտարարեց որ պիտի մասնակցի Հռոմի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սինհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որ պիտի կրէ «Նոր Աւետարանացում» խորագիրը եւ մէկնակէտը պիտի ըլլայ Սուրբ Աւետարանը քարոզելու ամէնուրէք եւ հաւատքին մէջ վերանորոգուելու: Հետեւաբար ան յայտնեց որ նոր աւետարանացման յատուկ գրասենեակ մը հիմնուեցաւ եւ պիտի գործէ հայ կաթողիկէ հասարակութենէն ներս, հրաւիրելով բոլոր փափաքողները մաս կազմելու այս ընթացքին եւ նպաստելու առաքելութեան իրագործումին:
Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Փակում
Զմմառ, 27 սեպտեմբեր 2012
published Thursday, 04 October 2012 at 16:30 by Administrator

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց տարեկան սիւնհոդոսը, գումարուած` 18 սեպտեմբեր 2012-ին, Զմմառու Փոխման Կուսին վանքին մէջ, փակուեցաւ հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012-ին:
Ժողովին օրակարգը գլխաւորաբար կը պարունակէր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ու համայնքին հետ առնչուած հիմնական հարցեր, որոնք, յետ մանրամասն ուսումնասիրութեան, յանգեցան նիւթերուն համապատասխան յանձնախումբերու կազմութեան:
Նիստերու ընթացքին շօշափուած նիւթերը եղան.
- Սիւնհոդոսին դերը համայնքային կեանքին կազմակերպման եւ աշխուժացման մէջ եւ անոր որոշումներուն գործադրութիւնը կղերին եւ հաւատացեալներուն կողմէ:
- Գնահատում ցարդ գումարուած պատրիարքական համագումարներու արդիւնքներուն եւ կազմակերպում յաջորդին:
- Կղերին կեանքն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ նորագոյն ուսուցումներուն լոյսին ներքեւ:
- Պատրիարքական ատեանի իրաւասութիւններուն ու պատասխանատուութիւններուն սահմանումը:
- Դպրեվանքներու պատասխանատուներու վերակազմաւորումը:
- Միաբանութիւններու համագործակցութիւնը նուիրապետութեան եւ ժողովրդապետութիւններուն հետ:
- Համադրութիւն թեմերու եւ պատրիարքութեան միջեւ ծրագիրներու գործակցութեան:
- Աշխարհականներու առաքելութիւնը եւ անոնց քրիստոնէական մնայուն կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Այս կէտերուն առընթեր ժողովներու նիւթ դարձան ընթացիկ հարցեր, որոնք կը վերաբերին ծիսական կեանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, դպրոցներու մէջ քահանայական կոչումներու արծարծումին, հաղորդամիջոցներու արդիականացման եւ այլն:
Զեկուցում տրուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանդիսութեանց կազմակերպումին նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին` միացեալ միջհամայնքային յանձնախումբին հետ:
Քսաներորդ դարու հայ նահատակներու երանացման ի խնդիր տարուող աշխատանքները պարզեց առ այդ կազմուած յատուկ յանձնախումբը` ստանալով նոր ուղղութիւններ իր գործը յառաջ տանելու համար:
Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան վերատեսումի գործը բաժնուեցաւ խումբերու` ծրագիրը արագացնելու եւ օր առաջ զայն իրագործելու համար:
Զեկուցում տրուեցաւ սուրիահայ ապաստանեալներուն ի նպաստ կատարուող նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք կը կատարուին գործակցաբար համագաղութային յատուկ յանձնախումբին հետ:
Սրբազան պապին պատմական այցելութեան ձգած անջնջելի հետքերը եւ «Առաքելական յորդոր»-ին ուղղած պատգամին տարողութիւնը նկատուեցաւ մեկնակէտ մը` նոր սլացք տալու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն հաւատքի զօրացման եւ վստահութեան ամրացումին, իրենց գոյատեւման ի խնդիր իրենց դարաւոր հողերուն վրայ:
Զեկուցում տրուեցաւ Երիտասարդաց համաշխարհային օրուան մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ, 23-էն 28 յուլիս 2013, ի ներկայութեան
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ԵՊԻՍԿՈՊՈԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ
Պապը աշխարհին ծանօթացուց Զմմառու հայկական վանքը եւ Յակոբ Մեղապարտը
Պէյրութ17 Սեպտեմբեր 2012
published Thursday, 04 October 2012 at 16:25 by Administrator

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ Զմմառու Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ 263 ամեայ վանքը։ Կարեւոր՝ մանաւանդ անոր համար որ այս այցելութիւնը համայն քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկան դարձուց Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց մէկ բարձունքին վրայ 1749-ին հաստատուած վանքը, որ սոսկ Պատրիարքական Աթոռ մը եւ Արծիւեան Պատրիարքական Միաբանութեան նստավայրը չէ, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ հայոց դարաւոր ներկայութեան հնագոյն վկայութիւնը, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Կարդինալ Աղաճանեանի նման մեծահռչակ հայ եկեղեցական դէմքերու հոգեմտաւոր կազմաւորման վայրը, ապագայ միաբաններու եւ առաքեալներու դարբնոց մը, բազմահազար ձեռագրեր, տասնեակ հազարաւոր հնատիպ գիրքեր, հոգեւոր, հաւատքի եւ արուեստի իրեր պահող-պահպանող տոհմային թանգարան մը։ Այս բոլորով հանդերձ, ան եղած է փրկարար ովասիս մը Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերու եւ յաճախ ապաստան մը՝ Լիբանանի ու շրջանին մէջ տեղի ունեցած բրտութիւններէ փախչող մարդոց եւ ընտանիքներու։ Արծիւեան Միաբանութեան դարաւոր այս վանքը նաեւ ուխտավայր մըն է՝ իր հրաշագործ Տիրամայրով, որուն նուիրուած մատուրին մէջ ծնրադիր աղօթելու կու գան տառապահար ու տագնապահար հաւատացեալներ՝ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն եւ հարեւան երկիրներէն Զմմառու Տիրամայրը դարձած է անյոյս դատերու պաշտպանը։։
Այս բոլորը գիտէ՛ր Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապը եւ իր այս գիտցածը ուզեց որ իմանայ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհը, ուզեց որ գիտցողները վերյիշեն, իսկ չգիտցողները գիտնան, որովհետեւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքը նաեւ վկայութիւնն է ամէն քրիստոնեայի տոկալու եւ իր հողին ու արմատներուն կառչելու կամքի ուժին, փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի, եղբայրսիրութեան ու ծառայասիրութեան, վեհանձնութեան ու հանդուրժողութեան, խաղաղութեան եւ քրիստոնեական, մարդկայնական այն արժէքներուն, որոնք հիմը կը կազմէին Լիբանան ժամանած պահէն իր արտասանած ճառերուն, տուած պատգամներուն, փոխանցած ակնկալութիւններուն ու արտայայտած մաղթանքներուն։
Պատահական չէր որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետը ուզեց ընդառաջել Վանքի շրջաբակի մուտքին կանգնեցուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին բացումը անձամբ կատարելու հրաւէրին եւ այս առթիւ Զմմառու սիրոյ սեղանին շուրջ եւ լուսարձակներէ հեռու համախմբուած տեսնել Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները եւ անոնց ըսել որ «Յակոբ վանականը, կոչուած մեղապարտ, մեզի համար օրինակ է աղօթքի, ձերբազատութեան նիւթական արժէքներէ եւ հաւատարմութեան հանդէպ Քրիստոս Փրկիչի։ 500 տարիներ առաջ ան նախաձեռնեց Ուրբաթագիրքի տպագրութիւնը, կամուրջ մը ստեղծելով արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնեաներուն միջեւ։ Անոր դպրոցէն կրնանք սորվիլ առաքելութեան իմաստը, ճշսարտութեան քաջութիւնը եւ եղբայրութեան արժէքը միասնականութեան մէջ։... Յակոբ Վանականը մեզի կը յիշենէ նաեւ թէ հոգեւոր ծարաւը եւ յաւիտենականութեան որոնումը պէտք է միշտ ապրին մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ մարդ ոչ թէ միայն հացով կ՚ապրի, այլ նաեւ ամէն խօսքով որ կ՚ելլէ Աստուծոյ բերնէն։ Կը խնդրենք Տիրոջմէ որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը՝ խստօրէն փորձուած տարիներու ընթացքին, եւ ղրկէ իր հունձքին բազմազան մշակներ եւ սուրբեր, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող փոխելու մեր ընկերութիւններուն դիմագիծը, բուժելու մահացած սրտերը եւ վերադարձնելու քաջութիւնը, ուժը եւ յոյսը՝ բոլոր յուսահատներուն»։
Զմմառու վանք իր պատմական այցելութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ. ապացոյցը տուաւ իր նախորդներուն՝ Բենեդիկտոս ԺԴ.ի, Բենեդիկտոս ԺԵ.ի եւ իր անմիջական նախորդին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հայ ժողովուրդին հանդէպ տածած սիրոյ զգացումով իր տոգորումին։ Առաջինը՝ վերականգնած էր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռը եւ հաստատած Աբրահամ Արծիւեանի ընտրութիւնը իբրեւ գլուխը Տանն Կիլիկիող Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցիին։ Երկրորդը՝ իբրեւ վկան Հայոց Ցեղասպանութեան, եղաւ արդարութեան ձայնը միջազգային բեմերէն լսելի դարձնող առաջին դէմքերէն՝ 10 Սեպտեմբեր 1915-ին շատ բուռն բողոքագիր մը յղելով օսմանեան կայսրութեան Մոհամէտ Ե. Սուլթանին՝ պահանջելով հայերու հալածանքներուն, տեղահանութիւններուն ու ջարդերուն դադրեցումը։ Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հայասիրութեան վկայութիւնները դեռ թարմ են իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ։
Անմոռանալի է մանաւանդ անոր պատմական այցելութիւնը Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի հոգեհանգիստին անոր նախագահութիւնը՝ որ 1915-ի Նահատակաց Յուշահամալիրին վրայ կեդրոնացուց համաշխարհային լուսարձակները եւ համաշխարհային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վանք այցելութեամբ եւ հայ առաջին հայատառ մատեանի տպագրութեան 500 ամեակին նուիրուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին օծումը կատարելով, Բենեդիկտոս ԺԶ. վերահաստատեց Վատիկանի համակրութիւնն ու զօրակցութիւնը հանդէպ Հայ ժողովուրդին։ Կեցուածք մը որ յատուկ նշանակութիւն կը զգենու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Սուրիահայ Համայնքապետերու հաղորդագրութիւն
Դամասկոս14 Սեպտեմբեր 2012
published Thursday, 04 October 2012 at 12:14 by Administrator

Երբ արիւնահոսութիւնը անվերջ կերպով կը շարունակուի մեր սիրելի սուրիական հայրենիքին մէջ եւ երբ սուրիահայութիւնը կը փորձէ յաղթահարել ողբալի ներկայ կացութիւնը, այս տագնապին մէջ մեզ ներքաշուած տեսնելու անյաջող փորձերը դժբախտաբար կը շարունակուին։
Սուրիահայութիւնը խաղաղ գոյակցութեան երկարամեայ պատմութեան փորձով կը յայտարարէ, որ թէ՛ նկարագիրով եւ թէ սկզբունքով ամէն տեսակի վայրագութեանց ու արիւնահեղութեանց դէմ եղող համայնք մը կտրականապէս դէ՛մ է եւ դէ՛մ կը մնայ զինեալ բախումներուն։
Մեր հաւատքն է, որ միմիա՛յն երկխօսութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ վերահաստատել հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը սուրիական հայրենիքին մէջ, ապահովելով բոլոր համայնքներու համակեցութիւնը՝ հանդուրժողութեան, յարգանքի ու սիրոյ սկզբունքներով։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐ
Շուշիի Ազատագրման 20-ամեակի Նշում Հռոմի Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին Մէջ։
Հռոմ 11 մայիս 2012
published Wednesday, 09 May 2012 at 20:48 by Administrator

Ուրբաթ 11 մայիսի ժամը 18-ին սկիզբ կ՝առնէ Հռոմի Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին մէջ, Շուշիի Ազատագրման 20-ամեակի առթիւ ձեռնարկը, ՜՜Ազատ Ու Անկախ Արցախ՝՝ բնաբանով, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն ու զրոյց ինչպէս նաեւ վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն։
Աւարտին նաեւ ընդունելութիւն։
Հռոմաբնակ հայերը ու բարեկամներ հրաւիրուած են մասնակցելու սոյն երեկոյթին, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ու Մարդու իրաւունքներու յարգանքի ի խնդիր։
© Copyright 2008-2013 TelepaceArmenia.it. All rights reserved.
Webdesign by Fabio Celidonio.

Facebook RSS
Նուիրատուութիւն
PROCURA DEL PATRIARCATO ARMENO CATTOLICO
Banca UNICREDIT Spa
IBAN: IT 80 D 02008 05075 000401457699
BIC SWIFT: UNCRITMM
Donate to
Telepace Armenia
with PayPal.